2013-10-23 15:11:59

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետի անուամբ հաստատութեան գիտաժողովը` ''Աւետարանը, պատմութիւնը եւ քրիստոսաբանութիւնը` Ժոզէֆ Ռացինկերի փնտռտուքը'' նիւթին մասին։


Յառաջիկայ 24 հոկտեմբերին, Հռոմի լատերանեան քահանայապետական համալսարանին մէջ տեղի կ'ունենայ գիտաժողով մը ''Աւետարանը, պատմութիւնը եւ քրիստոսաբանութիւնը` Ժոզէֆ Ռացինկերի փնտռտուքը'' նիւթին մասին։ Գիտաժողովը կ' եզրափակուի 26 հոկտեմբերին Վատիկանի ''սիւնհոդոսի'' դահլիճին մէջ։ Զանազան համալսարաններու դասախօսներն, Սուրբ Գիրքի հմուտն անձնաւորութիւնները ու քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները միատեղ պիտի բանակցին ու արժեքաւորեն Աւետարանի ներկայ մեկնաբանութիւնը որ կը մտի աւելի խորացնել ու ճանչնալ Յիսուս Քրիստոսը։
Առաջին օրը ժողովականները պիտի սերտեն Յիսուսը չորս Աւետարաններու մէջ, նկատելով այդ բնագիրները որպէս պատմական վաւերաթուղթեր։ Երկրորդ օրը յատկացուած է ''Յիսուսի դիմագիծը Աւետարանի ու առաջին դարերու գրողներու մօտ'' նիւթին մինչ երրորդ պւ վերջին օրը պիտի ուսումնասիրուին Ռացինկեր Քահանայապետի երեք հատորները Նազարէթի Յիսուս Քրիստոսի մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.